image

Յայտնի բեմադրիչը ֆիլմ պատրաստած է Հայաստան իր ճամբորդութեան մասին (Տեսանիւթ)

Յայտնի բեմադրիչը ֆիլմ պատրաստած է Հայաստան իր ճամբորդութեան մասին (Տեսանիւթ)

Թորոնթոյի շարժանկարներու ոլորտի ընկերութիւնը՝ Syndicado-ն ձեռք բերած է բեմադրիչ Տանիէլ Քիոթըրի «Landshaft» շարժանկարի համաշխարհային իրաւունքները, յայտնած է Variety:

Ճանապարհային շարժանկարի ձեւաչափով նկարահանուած ժապաւէնը, ուր բեմադրիչը հին ինքնաշարժով՝ «Ժիկուլիով» կը շրջի Արեւելեան Հայաստանը, ամբողջական հակադրութիւն կը ստեղծէ տարածաշրջանի լեռներու անդորրին եւ այնտեղի ուղեւորներու, պատերազմի սպառնալիքի ստուերին տակ ապրող բնակիչներու ձայներուն միջեւ:

Շարժանկարը կը մասնակցի «Burning Lights» մրցոյթին՝ Զուիցերիոյ «Visions du Réel» վաւերագրական շարժանկարներու միջազգային փառատօնի ծիրէն ներս: Գերմանիոյ մէջ շարժանկարը կը տարածուի Arsenal Filmverleih-ի կողմէ։