Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազ Քեամրան Ալիեւը դեկտեմբեր 12-ին յայտարարած է, որ Պաքուի մէջ պահուող Արցախի ղեկավարութեան գործով պիտի զբաղի նորաստեղծ յատուկ քննչական խումբը:
Քեամրան Ալիեւ հաւաստիացուցած է, որ Պաքուի մէջ բոլոր քննչական գործողութիւնները կ՚իրականացուին Ատրպէյճանի օրէնսդրութեան եւ միջազգային համաձայնագրերուն համապատասխան:
«Ատրպէյճանի ժողովուրդն ամբողջութեամբ կը տեղեկացուի այս հետաքննութեան ընթացքին եւ ատոր արդիւնքներուն մասին։ Մենք այդ կ՚ապահովենք։ Նախաքննութեան աւարտէն ետք գործը պիտի ուղարկուի դատարան»,-ըսած է գլխաւոր դատախազը։
Յիշեցնենք, որ Արցախի բռնի տեղահանութենէն ետք, Ատրպէյճանը ապօրինի կերպով Պաքուի մէջ կը պահէ Արցախի նախկին ղեկավարութիւնը: