image

Յաջորդ շաբաթ Իրանի մէջ «թէժ պիտի ըլլայ». ԶԼՄ-ները յայտնած են նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլի մասին

Յաջորդ շաբաթ Իրանի մէջ «թէժ պիտի ըլլայ». ԶԼՄ-ները յայտնած են նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլի մասին

Իրանի մէջ նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլ պիտի կայանայ:

Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդին մէջ Իրանի հոգեւոր առաջնորդի ներկայացուցիչ Սաիտ Ճալիլին եւ Առողջապահութեան նախկին նախարար Մասուտ Փեզեշքիան պիտի շարունակեն պայքարը յուլիս 5-ին։

Այս մասին յայտնած են իրանեան լրատուամիջոցները՝ յղում ընելով քուէարկութեան նախնական արդիւնքներուն։ Իրանի ընտրական յանձնաժողովի վերջին պաշտօնական տուեալներու համաձայն՝ Փեզեշքիան հաւաքած է 6 միլիոն ձայն, Ճալիլին՝ 5,6 միլիոն (ընդհանուր ընտրողներ՝ 61 միլիոն)։

Ինչպէս նշած են լրատուամիջոցները, յաջորդ շաբաթ Իրանի մէջ «թէժ պիտի ըլլայ», քանի որ երկու թեկնածուները պէտք է ստանան իրենց համախոհներու աջակցութիւնը։

Աւելի վաղ յայտնի դարձած էր, որ 58 հազար ընտրատեղամասերէն 32.2 հազար քուէաթերթիկներու հաշուարկէն ետք Փեզեշքիան ստացած է 5 միլիոն ձայն, Ճալիլին՝ 4 միլիոն 875 հազար։

Յիշեցնենք՝ յունիս 28-ին տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններուն նախագահի պաշտօնի համար պայքարած է 4 թեկնածու՝ Մասուտ Փեզեշքիան, Մուսթաֆա Փուրմոհամմատին, Սաիտ Ճալիլին եւ Մոհամմատ Պաղիր Ղալիպաֆը:

Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին մայիս 19-ին աղէտի զոհ դարձաւ. Ատրպէյճանէն վերադառնալու ժամանակ անոր ինքնաթիռը կործանած էր, որուն մէջ եղած էին նաեւ ԱԳ նախարարը եւ այլ պաշտօնեաներ: