Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանդր Լուքաշենքօն ըսած է, որ աշխարհի վերաբաժանման համար պայքարի յաջորդ կռիւը պիտի ըլլայ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ, անոր ախտանիշները արդէն ի յայտ եկած են:
«Ամերիկացիները կ'ուզեն գերիշխել... միաբեւեռ աշխարհ կ'ուզեն, իսկ գլուխ բարձրացնողները կը ռմբակոծեն... Պատճառը աշխարհի մէջ նոր յարաբերութիւններու ի յայտ գալն է, բազմաբեւեռութիւնը: Այսօր պայքար կ'երթայ ոչ միայն մեր յետխորհրդային տարածքի, անոր եւրոպական մասի համար, այսօր պայքար կը ծաւալի Կեդրոնական Ասիոյ համար, ուր կը գտնուին մեր (նախկին խորհրդային) հանրապետութիւնները», ըսած է Լուքաշենքօն Պելառուսիոյ Անկախութեան տօնին առթիւ հանդիսաւոր հանդիպման ժամանակ:
Ան ընդգծած է, որ այս տարուայ սկիզբը Ղազախստանի մէջ զանգուածային բողոքի ցոյցերէն յետոյ զգուշացուցած է Ուզպեքստանի մէջ իրավիճակի ապակայունացման վտանգի մասին:
«Կեդրոնական Ասիան, ինչպէս եւ մենք, յայտնուած է երկու կրակի արանքին` մէկ կողմէ եւրոպացիները եւ ամերիկացիներն են, միւս կողմէ` Չինաստանի, որ մեծապէս կ'օգնէ Կեդրոնական Ասիոյ գոյատեւման: Այս մենամարտը շուտով պիտի ըլլայ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ, անոր ախտանիշներն արդէն ի յայտ եկած ե», յայտարարած է Պելառուսիոյ նախագահը: Ան ընդգծած է, որ «աշխարհը պիտի բաժանեն»: