Սփիւռքի հետ պէտք է աշխատանքներ տանիլ նոյնիսկ այսօրուան դժուար իրավիճակի մէջ յայտնուած Հայաստանին կապելու համար։ Այս մասին Հանրային ռատիոյի եթերով «Սփիւռքի ձայնը» յայտագրին տուած հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է երիտասարդ սփիւռքահայերը կամաւորական աշխատանքներով Հայաստան հիւրընկալող «Դէպի Հայք» կազմակերպութեան տնօրէն՝ Սեւան Գապաքեան:
Ան նշած է,- «Այդ իմաստով մեր աշխատանքները յաջողած կը համարեմ, քանի որ կարողացած ենք 200-էն աւելի հայ երիտասարդներ բերել Հայաստան։ Մեր աշխատանքներու յաջողութիւնը նաեւ Երեւանէն դուրս մասնաճիւղեր բանալն է՝ Վանաձորի եւ Գիւմրիի մէջ։
«Կը կարծեմ, որ իւրաքանչիւրը Երեւանէն դուրս ալ Հայաստանը պէտք է ճանչնայ»,- ըսած է Սեւան Կաբաքեան։
Տարբեր մտածողութիւնն ու հայեացքները երբեմն կը խանգարեն երիտասարդ սփիւռքահայը հայրենիքի մէջ աշխատելու կամ Հայաստանին կապուելու համար, երբեմն ծնողները կը խոչընդոտեն անոնց Հայաստան այցելութիւնը։
«Դէպի Հայք» կազմակերպութեան տնօրէնին խօսքով` իրենք կը փորձեն ներկայացնել իրական Հայաստանը իրական մարդոցմով, լաւ ու վատ կողմերով, որպէսզի այստեղ ապրելու ժամանակ երիտասարդները չհիասթափուին։