image
Հրատապ լուրեր:

Վրաստանի խորհրդարանը տապալեց նախօրօք իր ընդունած օրինագիծը

Վրաստանի խորհրդարանը  տապալեց  նախօրօք  իր ընդունած  օրինագիծը

«Օտարերկրեայ ազդեցութեան թափանցիկութեան մասին» օրէնքի նախագիծը պաշտօնապէս ետ կանչուած է։ Օրէնքի նախագիծը երկրորդ ընթերցմամբ չէ ընդունուած Վրաստանի խորհրդարանին մէջ։

Ինչպէս յայտնի է, 9 մարտին, խորհրդարանական մեծամասնութիւնը որոշում կայացուցած է ետ կանչելու «Օտարերկրեայ ազդեցութեան թափանցիկութեան մասին» օրէնքի նախագիծը։

Վրաստանի կանոնակարգի համաձայն՝ օրէնքի նախագիծի պաշտօնական ետկանչման համար անհրաժեշտ էր լիագումար նիստին ներկայացնել առաջին ընթերցմամբ ընդունուած նախագիծը եւ երկրորդ ընթերցմամբ չընդունիլ այն։

Ինչ կը վերաբերի երկրորդ օրինագիծին, որ առաջին ընթերցմամբ քուէարկութեան չդրուեցաւ, ինչպէս պիւրոյի նիստին ըսած էր Շալվա Փափուաշվիլին, նախաձեռնողներն արդէն այն ետ կանչած են շրջանառութենէն: