Ընտանիքի երէց որդին՝ Սագոն, ինչպէս իր կրտսեր եղբայրը ՝Յակոբը եղած է աշխոյժ եւ վարպետ ֆութպոլիստ։ Երկար տարիներ մասնակից դարձած է ՀՄԸՄ-ի Ֆութպոլի գլխաւոր խումբին եւ իր ճարտարութեան շնորհիւ մասնկացած է, Լիբանանի Ֆութպոլի ախոյեանութեան առաջին մակարդակի խաղերուն։
Սագոյի անունը հետզհետէ աւելիով փայլած է ու անոր հանդէպ առկայ սէրն համակիրները մղած է զինք վերակոչելու «Սագօ-Մարատոնա»։ Աւելի ուշ Սագօ մասնակից դարձած է երկրի ազգային հաւաքականին եւ հագնելով Լիբանանի Ազգային խումբի շապիկը երկիրը ներկայացուցած է ամենատարբեր խաղերու եւ մարզադաշտերու վրայ։
Ցաւալիօրէն սակայն Սագօ ծանր հիւանդութեան մը բռնուելով յաւերժին մէջ իր աչքերը փակած է 2018 թուականին ( 45 տարեկան հասակին) , խոր սուգի մատնելով իր հարազատները, համակիրները եւ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը։
Սագոյի եղբայրը, որ նոյնպէս մարզիկ է եւ առաքինի ֆութպոլիստ ի յիշատակ իր եղբօրը եւ անմահացնելու համար անոր անունը այսօր ահա իր որդին կը կոչէ Սագօ անունով։
Պէյրութի մէջ Յակոբ եւ Ալին Տօնապետեաններու յարկին տակ լոյս աշխարհ եկած է փոքրիկն Սագօ Տօնապետեանը։
Փոքրիկը ընտանիքի երկրորդ զաւակն է եւ իր քրոջ Կալիայի կողքին աւելիով պիտի գեղեցկացնէ հայկական շունչով ապրող ընտանիքը։Ուշագրաւ է Տօնապետեաններու պատմութիւնը, երեք եղբայրներ Սագօ, Գօգօ, Ճոնի եւ Յակոբ ծնած են Պէյրութի Սիս շրջանին հանդիպակած «Արագած» թաղամասին մէջ, եւ հասակ առած են դառնալով շրջանին մէջ սիրուած եւ նուիրեալ տղաք։ Ընտանիքի երէց որդին՝ Սագոն, ինչպէս իր կրտսեր եղբայրը ՝Յակոբը եղած է աշխոյժ եւ վարպետ ֆութպոլիստ։ Երկար տարիներ մասնակից դարձած է ՀՄԸՄ-ի Ֆութպոլի գլխաւոր խումբին եւ իր ճարտարութեան շնորհիւ մասնկացած է, Լիբանանի Ֆութպոլի ախոյեանութեան առաջին մակարդակի խաղերուն։
Սագոյի անունը հետզհետէ աւելիով փայլած է ու անոր հանդէպ առկայ սէրն համակիրները մղած է զինք վերակոչելու «Սագօ-Մարատոնա»։ Աւելի ուշ Սագօ մասնակից դարձած է երկրի ազգային հաւաքականին եւ հագնելով Լիբանանի Ազգային խումբի շապիկը երկիրը ներկայացուցած է ամենատարբեր խաղերու եւ մարզադաշտերու վրայ։
Լիբանանահայ հանրահայտ ֆութպոլիստ Սագօ Տօնապետեան ՝«Սագօ Մարատոնա» (1973-2018)
Ցաւալիօրէն սակայն Սագօ ծանր հիւանդութեան մը բռնուելով յաւերժին մէջ իր աչքերը փակած է 2018 թուականին (45 տարեկան հասակին) , խոր սուգի մատնելով իր հարազատները, համակիրները եւ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը։
Սագոյի եղբայրը, որ նոյնպէս մարզիկ է եւ առաքինի ֆութպոլիստ ի յիշատակ իր եղբօրը եւ անմահացնելու համար անոր անունը այսօր ահա իր որդին կը կոչէ Սագօ անունով։
Իւրայատուկ եւ ուրախառիթ այս օրը յիշատակելի է Տօնապետեաններու ընտանիքին, անոնց բարեկամներուն ու նաեւ զիրենք սիրող-յարգողներուն համար։
Եւ ուշագրաւն այն է, որ այս անուանակոչութիւնը եւ նոր երեխային ծնունդը կու գան ձեւով մը մեզի պատգամելու, որ հայը այլընտրանք չունի, պիտի պայքարի, ուր ալ գտնուի եւ պիտի պայքարի բոլոր միջոցներով։
Կը շնորհաւորենք։