Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան առաջարկած է հանդէս գալ որպէս միջնորդ Ռուսաստանի եւ Ուքրանիոյ միջեւ, քանի որ Անգարան ամուր կապեր ունի ե՛ւ Մոսկուայի, ե՛ւ Քիեւի հետ:
«Մենք մեր տարածաշրջանին մէջ հերթական պատերազմի ականատեսներն ենք: Նախագահ Էրտողանը առաջարկել է հանդէս գալ որպէս միջնորդ Ռուսաստանի եւ Ուքրանիոյ միջեւ, քանի որ մենք ամուր յարաբերութիւններ ունինք երկու երկիրներուն հետ: Ան նաեւ կոչ ըրած է միասնական դիրքորոշում ձեւաւորել դաշնակիցներուն կողմէ», թուիթըրեան իր էջով գրած է Թուրքիոյ նախագահի վարչակազմի Հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան ղեկավար Ֆահրեթին Ալթունը:
Ան նաեւ պնդած է, որ Թուրքիան ըրած է հնարաւորինս ամէն ինչ Ուքրանիոյ մէջ իրադարձութիւնները դիւանագիտական ճանապարհով կանխարգելելու համար: