image
Հրատապ լուրեր:

Ուքրանիոյ տագնապ. Ռուսական զօրքը գրաւեց Մելիթփոլ քաղաքը

Ուքրանիոյ տագնապ. Ռուսական զօրքը գրաւեց Մելիթփոլ քաղաքը

Ռուս զինուորականները, չհանդիպելով դիմադրութեան, Ուքրանիոյ Մելիթփոլ քաղաք մուտք գործած են: Այս մասին կը հաղորդէ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

«Փետրուար 25-ի երեկոյեան` Ազովեան բնակավայրի հատուածին մէջ ծովային ուժերու տեղակայումէն յետոյ, ռուսական զօրամիաւորուները, չհանդիպելով դիմադրութեան, մուտք գործած են Մելիթփոլ», նշուած է ՌԴ ՊՆ հաղորդագրութեան մէջ:

Տեղի բնակչութիւնը, ըստ ՌԴ ՊՆ հաղորդագրութեան, ողջունած է ռուս զինուորականները, որոշ թոշակառուներ կարմիր դրօշներով փողոց դուրս եկած են:

Մելիթոփոլ քաղաքը Զափորոժիայի մարզին մէջ կը գտնուի` Ազովի ծովէն 50 քմ հեռաւորութեան վրայ:

Ըստ Ռուսաստանի պաշտպանական գերատեսչութեան վերջին հաղորդագրութեան, Տոնեցքի եւ Լուկանսքի Հանրապետութիւններու զօրամիաւորումները, ՌԴ Զու օդագնացութեան եւ հրթիռային զօրքերուն աջակցութեամբ, ճեղքած են ռազմաճակատը մինչեւ 25 քմ խորութեամբ: