image

Ուքրանիոյ պատերազմ. Հռոմի Պապը հերթական անգամ խաղաղութեան կոչով հանդէս եկաւ

Ուքրանիոյ պատերազմ. Հռոմի Պապը հերթական անգամ խաղաղութեան կոչով հանդէս եկաւ

Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին մէջ ուղղափառ Սուրբ Զատիկի կապակցութեամբ դիմած է հաւատացեալներուն:

Ուղերձի ժամանակ քահանայապետը ռուսերուն եւ ուքրանացիներուն մաղթած է, որ «Տէրը անոնց հետ ըլլայ եւ օգնէ անոնց հասնիլ խաղաղութեան»։

Ապրիլ 16-ին, ուղղափառ Զատիկը կը նշուի Հուլեան օրացոյցով։

«Ես կը մտածեմ նաեւ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն, որոնք այսօր կը տօնախմբեն Սուրբ Զատիկը։ Թող Տէրը անոնց հետ ըլլայ եւ օգնէ անոնց խաղաղութիւն հաստատել: Եկէք սգանք այս վայրագութիւնները եւ աղօթենք զոհերու համար: Աղօթենք առ Աստուած, որ աշխարհը չզգայ մարդու ձեռքով բռնի մահուան սարսափը, այլ զգայ կեանքի հրաշքը, որ Ան կը շնորհէ եւ կե նորոգէ Իր շնորհով», -ըսած է Ֆրանչիսկոս պապը: