Սերգէյ Փարաճանովի ծննդեան 100-ամեակին առիթով, օրերս, Քիեւի մէջ տեղի ունեցած է «Նռան գոյնը» ժապաւէնի նորոգուած տարբերակի անդրանիկ ցուցադրութիւնը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» պարբերականէն։
Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լուրը՝
Սերգէյ Փարաճանովի ծննդեան 100-ամեակին առիթով, Հոկտեմբեր 2-ին, Քիեւի մէջ տեղի ունեցած է «Նռան գոյնը» ժապաւէնի նորոգուած տարբերակի անդրանիկ ցուցադրութիւնը։
Ֆիլմը նորոգուած է «Մարթին Սքորսեզէ» հիմնադրամին կողմէ, Ուքրանիայի մէջ ֆիլմեր պատրաստող եւ արտադրող «Arthouse Traffic» ընկերութեան շնորհիւ։
Մշակութային սոյն ձեռնարկը կազմակերպած են տեղւոյն Հայաստանի դեսպանութիւնը եւ ARARAT ընկերութիւնը։
Ողջոյնի իր խօսքին մէջ դեսպան Վլադիմիր Կարապետեան ընդգծած է Փարաճանովի արուեստի անգնահատելի արժէքը, ազգերը միաւորելու տաղանդը եւ անոր ազդեցութիւնը միջազգային շարժարուեստի զարգացման վրայ:
Ցուցադրութեան ներկայ եղած են Ուքրաինայի Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ, օտար երկիրներու դիւանագէտներ։