ԱՄՆ նախկին նախագահ Տոնալտ Թրամփ յայտարարած է, որ ուքրանական հակամարտութիւնը Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան պատճառով կրնայ վերաճիլ երրորդ համաշխարհային պատերազմի:
«Հնարաւոր է, որ այդ յանգեցնէ երրորդ համաշխարհային պատերազմի այն պատճառով, ինչ մենք կ'ընենք հիմա: Մենք ընդամէնը 40 միլիառ տոլար տուած ենք, ի լրումն եւս 16 միլիառ տոլարի, ընդհանուր` 56 միլիառ տոլար», ըսած է Թրամփ:
ԱՄՆ նախկին նախագահը ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցները կ'աջակցին Ուքրանիոյ, սակայն «անոնք տուած են միայն չնչին մասը այն ամէնին, ինչ իրենց տուած են»:
«եթէ ես ըլլայի նախագահ, այդ երբեք չէր պատահեր», յաւելած է ան:
Անոր կարծիքով` ուքրանական հակամարտութիւնը պէտք է աւարտել գործարքով, իսկ ԱՄՆ-ի կողմէ Քիեւին փոխանցուած միլիոնները «չեն ուղղուիր ինչին որ պէտք է»: