Քիեւի մերձակայքը գտնուող Չայքի գիւղին մէջ նռնակի պայթումէն զոհուած է Ուքրանիոյ Զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատար Վալերի Զալուժնիի օգնականը՝ 39-ամեայ Կենատի Չաստեաքովը։ Այս մասին գրած է «ՌԻԱ Նովոսթի»ն՝ Զալուժնիի թելեգկրամեան ալիքին յղումով։
«Այսօր ողբերգական հանգամանքներու մէջ՝ իր իսկ ծննդեան օրը, ընտանեկան շրջապատի մէջ մահացած է իմ օգնականն ու մտերիմ ընկերը՝ մայոր Կենատի Չաստեաքովը։ Նուէրներէն մէկուն մէջ գործարկուած է անյայտ պայթուցիկ սարք»,- գրած է Ուքրանիոյ Զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատարը՝ աւելցնելով, որ միջադէպի պատճառներն ու հանգամանքները կը պարզուին դատաքննութեան ընթացքին։
Բարձրաստիճան զինուորականի մահը հաստատած է նաեւ Ուքրանիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը։ Նախարարութեան խօսնակ Մարեանա Ռեւայի խօսքով՝ միջադէպի հետեւանքով ծանր վիրաւորում ստացած է նաեւ Չաստեաքովի 13-ամեայ որդին։ Վերջինս հիւանդանոց տեղափոխուած է։
Ինչպէս Klymenko.time պարբերականի հետ զրոյցին պատմած է Չաստեաքովի կինը, նռնակը եղած է նուէրի տուփերէն մէկու մէջ՝ ոգելից ըմպելիքի եւ նռնակի տեսքով բաժակներու հետ։
Strana.ua-ն՝ վկայակոչելով իրաւապահ մարմիններու մէջ իր աղբիւրները, գրած է, որ նռնակով նուէրի տուփը զոհուածին կրնար փոխանցել անոր աւագ օգնականը։
Նաեւ յայտնած են, որ բնակարանի զննութեան հետեւանքով եւս հինգ չպայթած նռնակ յայտնաբերուած է։