Պելառուսիոյ սահմանի մօտ այս պահուն կեդրոնացած է ուքրանացի 17 000 զինծառայող, յայտնած է СТВ պետական հեռուստաալիքը՝ յղում ընելով Պելառուսիոյ պետական սահմանային կոմիտէի տեղեկատւութեան, գրած է interfax.ru-ն։
«Ըստ Պետական սահմանային կոմիտէի՝ Ուքրանիան 17 000-անոց զինուորականներու խումբ կեդրոնացուցած է Պելառուսիոյ սահմանի տարածքին»,-ըսուած է զեկոյցին մէջ։
Նշուած է, որ Ուքրանիոյ Ռիւնէի շրջանին մէջ «կը շարունակուին սահմաններու ամրացումը, ուր կը կառուցեն նոր ամրութիւններ եւ ճարտարապետական կառոյցներ, կը ստեղծեն հակաթանկային խրամատներու երկրորդ գիծ»։
Պելառուսիոյ Ներքին գործոց նախարարութեան ղեկավար Իւան Քուպրաքովը յայտնած է, որ «Ռիս» ներթափանցման-հետախուզական խումբերու դէմ պայքարի ստորաբաժանումը աշխուժօրէն կ'աշխատի ամբողջ երկրով մէկ։