Վլատիմիր Զելենսքին, անդրադառնալով պատերազմի առաջին օրուան, արձանագրած է, որ Ուքրանիան իրականութեան մէջ միայնակ հակահարուած կու տայ հակառակորդին: Այս մասին Վլատիմիր Զելենսքին յայտարարած է իր տեսաուղերձին մէջ: «Որքան ալ ես այսօր բանակցութիւններ վարած եմ այլ պետութիւններու ղեկավարներու հետ, ես լսած եմ, որ մեզի կ'աջակցին: Ես իսկապէս շնորհակալ եմ իւրաքանչիւր պետութեան, որ կ'օգնէ Ուքրանիոյ: Բայց ճշգրիտ քայլերով, ոչ թէ խօսքերով: Բայց կայ եւս մէկ բան` մենք մենակ ենք մեր պետութեան պաշտպանութեան գործին մէջ: Ո՞վ պատրաստ է մեզի հետ կռուելու: Անկեղծ ըսած, ես զանոնք չեմ տեսներ: Ո՞վ պատրաստ է Ուքրանիային ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու երաշխիքներ տալ. անկեղծ ըսած, բոլորը կը վախնան: Այսօր Մոսկուայէն լսեցինք, որ պատրաստ են խօսելու մեր պետութեան չէզոք կարգավիճակի մասին:
Մեր պետութեան բոլոր գործընկերներուն կ'ըսեմ` այս պահին կ'որոշուի մեր երկրին ճակատագիրը: Ես անոնց կը հարցնեմ` դուք մեր հե՞տ էք: Կը պատասխանեն, որ մեր հետ են, բայց պատրաստ չեն մեզ իրենց հետ դաշինք տանելու: Այսօր ես ուղիղ հարցուցի Եւրոպայի 27 առաջնորդներուն` Ուքրանիան պիտի մտնէ՞ ՆԱԹՕ: Ուղղակիօրէն հարցուցի. բոլորը կը վախնան. չեն պատասխաներ: Իսկ մենք չենք վախնար: Մենք ոչ մէկ բանէ կը վախնանք` պաշտպանելով մեր երկիրը», եզրափակած է ան: