image

Ուքրանիա գտնուող ռուսաց զօրքերուն դէմ քիմիական յարձակո՞ւմ

Ուքրանիա գտնուող  ռուսաց զօրքերուն դէմ քիմիական յարձակո՞ւմ

Ուքրանիոյ մէջ անօդաչու թռչող սարքէն թունաւոր նիւթերու կիրառմամբ յարձակում իրականացուած է ռուսական զօրքերու դիրքերուն վրայ։ Այդ մասին շաբաթ յայտարարած է ՌԴ ՊՆ Ճարագայթումի, քիմիական եւ կենսաբանական պաշտպանութեան զօրքերու ղեկավար, զօրավար-լեյտենանտ Իկոր Քիրիլով, գրած է ԹԱՍՍ։

«2022 թուականի 21 Ապրիլին անօդաչու թռչող սարքէն ռուսական զօրքերու դիրքերու վրայ նետուած են սրուակներ։ Կը նախատեսուէր, որ երբ անոնք կոտրուին, քիմիական հակազդեցութիւն տեղի ունենայ, որ կ'առաջացնէ պայթում եւ հրդեհ՝  թունաւոր նիւթերու արտանետմամբ»,- ըսած է զօրավարը։

Քիրիլովի խօսքով, սրուակներու պարունակութեան առնչութեամբ ՌԴ ՊՆ 27-րդ գիտական կեդրոնի տարրալուծարանի մէջ քիմիական քննութիւն կ'իրականացուի:

«Այսպիսով, փորձելով վարկաբեկել ռուսական զօրքերու յատուկ ռազմական գործողութիւնը, Քիեւի ռեժիմը, ամերիկեան վարչակազմի առաջարկով, կրնայ մօտ ապագային իրականացնել այնպիսի սենարներ, որոնք կը յանգեցնեն տասնեակ հազարաւոր ուքրանացիներու մահուան եւ առաջացնել բնապահպանական ու մարդասիրական աղէտ»,- ընդգծած է զօրավարը։