image
Հրատապ լուրեր:

«Ոտքի պիտի կանգնինք եւ պիտի յաղթենք». Քլըչտարօղլուն երկրորդ փուլին մասին

«Ոտքի  պիտի կանգնինք եւ պիտի յաղթենք».  Քլըչտարօղլուն   երկրորդ  փուլին մասին

Թուրքիոյ ընդիմադիր «Ազգ» դաշինքի առաջադրուած նախագահի թեկնածու, «Ժողովրդա-հանրապետական կուսակցութեան» առաջնորդ՝ Քեմալ Քլըչտարօղլուն «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ գրառում  մը կատարած է եւ դիմած՝ ժողովուրդին, ըսելով.

«Սիրելի ժողովուրդ, երէկուընէ անդադար կ՚աշխատինք։ Յուսահատութեան մէջ չ՚իյնաք։ Ես անսասան պիտի մնամ։ Ձեզի պիտի ըսեմ ամէն ինչ, որ կը կատարուի։

Այնուհետեւ ոտքի կը կանգնինք եւ միասնաբար կը յաղթենք այս ընտրութիւններուն։ Ամենավերջը պիտի ըլլայ այն, ինչ մեր ազգը կ՚ըսէ»։

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ՝ 14  Մայիսի համապետական ընտրութեան արդիւնքով, նախագահի թեկնածուներէն ո՛չ Քեմալ Քլըչտարօղլուն, ո՛չ ալ Ռէճէպ Թայիպ Էրտողանը կրցած է 50%+1 քուէ ապահովել, որու պատճառով նախագահական ընտրութիւնները տեղափոխուած են 2-րդ փուլ, որ տեղի կ՚ունենայ 28 Մայիսին։