image

«Որոշում կայացրել եմ մանթատը վայր դնելու` վարչապետի խնդրանքի հետ կապուած». Յովիկ Աղազարեան

«Որոշում կայացրել եմ մանթատը վայր դնելու` վարչապետի խնդրանքի հետ կապուած». Յովիկ Աղազարեան

«Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Յովիկ Աղազարեանը մանթատը վար դնել-չդնելու հետ կապուած արդէն որոշում կայացուցած է: Այս մասին ըսած է պատգամաւորը՝ ի պատասխան հարցին, որ երէկ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարած է, որ Աղազարեանէն եւս խնդրած է մանթատը վար դնել, դեռ պիտի շարունակէ՞ պայքարիլ:

«Ես որոշում կայացրել եմ, սակայն այն կը հրապարակեմ երկուշաբթի օրը` ժամը 18:00-ին»,-ըսած է պատգամաւորը:

Յիշեցնենք, որ երէկ Հանրայինի եթերով Փաշինեանը յայտարարած էր, որ խնդրանքով դիմած է ԱԺ պատգամաւորներ Նարեկ Զէյնալեանին եւ Յովիկ Աղազարեանին՝ մանթատները վար դնել:

Նարեկ Զէյնալեանն արդէն իսկ մանթատը վար դնելու դիմում ներկայացուցած է, ԱԺ նախագահը յայտարարութիւն տարածած էր Զէյնալեանի՝ մանթատը վար դնելու դիմումի վերաբերեալ: