image

Ողբերգական դէպք Տաւուշի մէջ. 17-ամեայ աղջնակը ինքզինք ծառէն կախած է

Ողբերգական դէպք Տաւուշի մէջ. 17-ամեայ աղջնակը ինքզինք ծառէն կախած է

Տաւուշ մարզին մէջ, 25 մայիսին,  ողբերգական դէպք տեղի ունեցած է. ժամը 02։25-ի սահմաններուն ՀՀ ներքին գործոց նախարարութեան Ոստիկանութեան Իջեւանի բաժինը ահազանգ ստացած է, որ Տաւուշ մարզի գիւղերէն մէկու եկեղեցւոյ յարակից «Եղեւնիներ» կոչուող վայրը ծառէն կախուած դիակ կայ։

Shamshyan.com-ի հաղորդմամբ, ոստիկաններն ու քննիչները յայտնաբերած են, որ ծառէն կախուածը Տաւուշ մարզի բնակիչ 17-ամեայ Սիւզաննա Տ․-ի դին է։

Դատաբժիշկի նախնական եզրակացութեան համաձայն, արտաքին զննութեամբ՝ դիակին վրայ բռնութեան հետքեր չեն յայտնաբերուած։

Դէպքի փաստով Տաւուշի մարզային քննչական վարչութեան կողմէ նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ։

Քննիչի որոշմամբ՝ նշանակուած է դիակի դատաբժշկական փորձաքննութիւն։

Կայքի տեղեկութիւններով՝ Սիւզաննա Տ.-ի մօտ յայտնաբերուած է նամակ՝ ուղղուած մօր, իսկ ան երէկ՝ ժամը 15։00-ի սահմաններուն, տունէն դուրս եկած էր եւ չէր վերադարձած։