Գանատայի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան երախտաւոր գործիչներէն՝ Տօքթ. Յարութիւն Արզումանեան։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ ՌԱԿ-ի Մոնթրէալի շրջանի պատասխանատու աղբիւրէ մը։
Այս առթիւ ալ «Թէքէեան մշակութային միութիւն»ը տարածած է կարճ մահագրական մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝
Սրտի խոր կսկիծով տեղեկացանք Գանատայի Մոնթրէալահայ համայնքային կեանքէն ներս տասնամեակներ շարունակ նուիրեալ ոգիով իր աշխոյժ ծառայութիւնը մատուցած, ազգասէր ու հայրենասէր գաղափարներով, համայնքային տարբեր կառոյցներու ձեռնարկները սատարելով, ազգային արժէքներու հանդէպ իր ջերմ սիրոյ ու նախանձախնդրութիւնը վկայած, բազմավաստակ իր գործունէութեամբ, միշտ յարգանքի արժանացած՝
Տօքթ. Յարութիւն Արզումանեան-ի
մահուան գոյժը, որ պատահեցաւ Կիրակի՝ 26 Դեկտեմբեր 2021-ին, Մոնթրէալ:
Ակնյայտ է բոլորին, որ աւելի քան 50 տարիներու վրայ ծաւալած հասարակական իր աշխոյժ գործունէութեամբ, Տօքթ. Արզումանեան իր հմուտ եւ փորձառու ջանքերը, ժամանակն ու կարողութիւնները ինքնաբուխ սիրով եւ համեստաբար ծառայեցուցած է ազգային եւ համայնքային տարբեր կառոյցներէ ներս ըլլան անոնք որպէս վարչական կամ կազմակերպչական բնոյթ ունեցող գործունէութիւններ, որոնց մասին լայնածաւալ կերպով պիտի անդրադառնանք հետագային:
Այս տխուր առիթով՝ Մոնթրէալի Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը, Մոնթրէալի ՌԱԿ Էօժէն Փափազեան վարչութիւնը եւ «ԱՊԱԳԱՅ» Շաբաթաթերթի խմբագրութիւնն ու անձնակազմը, իրենց ցաւակցութիւնը կը յայտնեն ողբացեալին ընտանեկան պարագաներուն, գաղափարի ընկերներուն եւ համայն Մոնթրիալահայութեան:
Լոյս, խաղաղութիւն, խունկ եւ աղօթք Տօքթ. Յարութիւն Արզումանեանի հոգւոյն:
Ցիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի: