Լիբանանի թատերական արուեստը նոր կորուստ մը ունեցաւ կորսնցնելով կատակերգակ՝ Սամի Խայեաթը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց լիբանանեան լրասփիւռներէ։
Կը նշուի, որ Խայեաթ կը համարուի Լիբանանի «շանսոնիէ» թատրոն կերտիչներէն մին եւ ան իր թատերական կեանքը սկսած է 1960-ական թուականներէն։
Խայեաթ, որ մեծ սէր կը տածէր իր Լիբանանի հանդէպ երկիրը հարուածած պատերազմի ամէնածանր օրերուն մերժած է հեռանալ իր ծննդավայրէն։
Ան նոյնիսկ Պէյրութի ռմբակոծման ամենադժուար օրերուն հանդէս եկած է թատերական գործերով փորձելով ժպիտ մը բերել խռովահար լիբանանցիներու սրտին ու հոգիին։
Խայեաթի անունը փորագրուած պիտի մնայ արուեստի շրջանակներուն ու նաեւ Լիբանանեան բեմի սիրահարներու մտքերուն մէջ։