Վերջին շրջանին առողջական բարդութիւններու հետեւանքով հիւանդանոց փոխադրուած Լուսինէ Կիրակոսեանը այսօր մահացած է Երեւանի մէջ։
Այս մասին տեղեկութիւնը տարածած են հայաստանեան ԶԼՄ-ներ նշելով նաեւ, որ վերջին ժամանակներուն դերասանուհին լքուած էր իր ճակատագրին։
Նշենք, որ թատերական բեղուն գործունէութիւն ունեցած Կիրակոսեան կը պատկանի Հայաստանի թատերական կեանքի միջին սերունդի լաւագոյն ներկայացուցիչներէն մին։