image

Ո՞ր պարագային ԱՄՆ կը բանակցի Ռուսիոյ հետ. The National Interest-ի անդրադարձը

Ո՞ր  պարագային ԱՄՆ կը բանակցի Ռուսիոյ հետ. The National Interest-ի անդրադարձը

Եթէ Հանրապետական կուսակցութիւնը յաղթէ Քոնկրէսի յառաջիկայ միջանկեալ ընտրութիւններուն, Սպիտակ տունը կրնայ բանակցիլ Ռուսիոյ հետ, գրած է The National Interest-ի սիւնակագիր Մեթիւ Մէյը։

Հեղինակը ուշադրութիւն հրաւիրած է Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ հանրապետականներու առաջնորդ Քեւին Մաքքարթիի յայտարարութիւններու վրայ: Մաքքարթին անցեալ շաբաթ նշած է, որ իր կուսակցութիւնը, եթէ մեծամասնութիւն ստանայ, պիտի վերանայի կամ նոյնիսկ պիտի դադրեցնէ Ուքրանային օգնութեան հոսքը:

«Ես կը հաւատամ, որ մարդիկ տնտեսական անկման մէջ պիտի յայտնուին, եւ անոնք պատրաստ չեն «չէք» գրելու Ուքրանիոյ առանց նշուած գումարի, «քարտ պլանշի» », - ըսած է Մաքքարթին եւ աւելցուցած, որ հակառակ Քիեւի կարեւորութեան ամերիկեան օրակարգին մէջ, Սպիտակ տունը միայն այս խնդրով չի կրնար զբաղիլ։