image

Վերջին ժամ. Կրակոցներ եւ սպանութիւն Երեւանի մէջ

Վերջին ժամ. Կրակոցներ եւ սպանութիւն Երեւանի մէջ

Ժամեր առաջ Երեւանի մէջ սպանութիւն գործուած է։

 Այս մասին «Արեւելք» լուրեր քաղեց հայրենի ԶԼՄ-ներէն։

 Կը նշուի, որ անծանօթներ կրակ բացած են «Թոյոթա» ինքնաշարժի մը ուղղութեամբ վիրաւորելով մէկ անձ։

Աւելի ուշ պարզ դարձած է, որ վիրաւորեալը փոխադրուած է հիւանդանոց եւ այնտեղ հոգին աւանդած։

Զոհուածը կը կոչուի Սէրգէյ Գրիգորեան եւ ան յայտնի է «Ֆազ» ծածկանունով։

Նշենք, որ հայրենի ՆԳՆ-ն նոյնպէս հաստատած է տեղեկութիւնը, թէ դէպքին, թէ ալ սպանեալին մասին։

 Հաղորդենք, որ դէպքը   պատահած է Երեւանի «Շինարարների»  փողոցին  մէջ։

Իրաւապահ մարմինները քննութիւն բացած են եղածին վերաբերեալ։