image

Վերջին ժամ. Չեղարկուած է Փարիզ-Երեւան թռիչքը

  Վերջին ժամ. Չեղարկուած է Փարիզ-Երեւան թռիչքը

«Արեւելք»ի Փարիզի աղբիւրը քիչ առաջ հաղորդեց, որ չեղարկուած է ընկերութեան Փարիզ-Երեւան ուղիղ թռիչքը։

Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ Fly One ընկերութեան թռիչքը չեղարկուած է Թուրքիոյ կողմէ դէպի Հայաստան ուղղուող բոլոր թռիչքներուն առջեւ օդային ճանապարհի փակման  հետեւանքով։ 

Կը նշուի, որ յառաջիկայ օրերուն Փարիզէն դէպի Երեւան պիտի հասնին այլ ընկերութիւններու օդանաւեր։ 

 Յիշեցնենք, որ թրքական կողմը մինչեւ այս պահը, ոչ մէկ բացատրութիւն տուած է դէպի Հայաստան օդային ճանապարհի փակման որոշման մասին։