Միացեալ նահանգներ պէտք է իր միջուկային զէնքը հեռացնէ երրորդ երկիրներէ, յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան Զէնքի տարածման դէմ եւ վերահսկողութեան վարչութեան փոխտնօրէն Իկըր Վիշնեւեցքին։
«ԱՄՆ միջուկային զէնքը պէտք է բերուի ազգային տարածք»,- ըսած է Վիշնեւեցքին ՄԱԿ-ի մէջ:
Ան ընդգծած է, որ ՆԱԹՕ-ն բացայայտօրէն ինքզինք կը հռչակէ որպէս միջուկային դաշինք, եւ որ Միացեալ նահանգներու միջուկային զէնքը կը գտնուի ոչ միջուկային երկիրներու տարածքին: Վիշնեւեցքին սա անուանածէ գործօն, որ բացասական անդրադարձ կ'ունենայ անվտանգութեան վրայ, կը մեծցնէ միջուկային հակամարտութեան վտանգը եւ կ'արգելակէ զինաթափման գործը։
Ան նաեւ աւելցուցած է, որ ԱՄՆ-Մեծ Բրիտանիա-Աւստրալիա AUKUS գործընկերութիւնը նախադրեալներ կը ստեղծէ Ասիա-խաղաղովկիանոսեան տարածաշրջանին մէջ սպառազինութիւններու մրցավազքի նոր փուլի մեկնարկի համար: