image

Հալէպի մէջ.Վազգէն Մոմճեանի մահը

Հալէպի մէջ.Վազգէն Մոմճեանի  մահը

Օրերս բնիկ Հալէպցի Վազգէն Մոմճեանի մահուան տխուր լուրը ստացանք։

Կը նշուի որ հանգուցեալը, որուն ծնողները եղած են բնիկ հալէպցի, ծնած էր Քուէյթ։

Ան պատանեկութեան տարիները անցուցած է Հալէպի մէջ, որմէ ետք ալ կը մեկնի Երեւան, ստանալու բարձրագոյն կրթութիւն։

Կը վկայուի Երեւանի Պետական Համալսարանէն եւ կը դառնայ մասնագէտ դեղագործ։ 

Շրջան մը կը գործէ Հալէպի մէջ ու ատեն մըն ալ կ՚ապրի Քուէյթի մէջ։

Պատերազմի ծանր տարիները իրենց հետեւանքները կ՚ունենան ընտանիք կազմած Վազգէնին վրայ եւ վաղահաս մահը կը խլէ զինք իր հարազատներէն ու ընկերական լայն շրջանակէն։

52 տարեկան Վազգէն, որ եղած է ժրաջան անդամը ՌԱԿ-ի ու նաեւ հաւատացեալ անդամ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ տակաւին շատ տալիք ունէր իր շրջապատին, զինք յարգող հանրութեան ու ամբողջ Հալէպին։

Հանգուցեալի թաղման պաշտամունքը տեղի ունեցած է Հալէպի Հայ Աւետարանական Փեթէլ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ ալ անոր մարմինը փոխադրուած է Հալէպի հայ Աւետարանական գերեզմանատուն։

Լուրը՝ «Արեւելք»ի