image

«Վակների գործողութենէն» ետք տասնեակ ռուս զօրավարներ հեռացուած են իրենց պաշտօնէն

«Վակների գործողութենէն» ետք տասնեակ ռուս զօրավարներ հեռացուած են իրենց պաշտօնէն

Առնուազն 13 ռուս բարձրաստիճան զինուորական ձերբակալուած է հարցաքննութեան «Վակներ» մասնաւոր ռազմական ընկերութեան հիմնադիր Եւկենի Փրիկոժինի ապստամբութենէն ետք։ Այս մասին գրած է The Wall Street Journal-ը՝ յղում ընելով աղբիւրներուն:

Ըստ հրատարակութեան զրուցակիցներու՝ Ռուսիոյ անվտանգութեան դաշնային ծառայութիւնը ձերբակալութիւնները սկսած է Փրիկոժինի ապստամբութենէն քանի մը ժամ անց։

Աղբիւրներէն մէկն ըսած է, որ ձերբակալութիւնները կ'ըլլան «շարքերը մաքրելու» նպատակով։ 

Շուրջ 15 ռուս սպայ արդէն հեռացուած է ծառայութենէն, կամ կասեցուած է անոնց գործունէութիւնը։

Համաձայն տեղեկատւութեան՝ Անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան կողմէ ձերբակալուածներու շարքին է Ռուսիոյ Դաշնութեան օդատիեզերական ուժերու հրամանատար, Ուքրանիոյ մէջ ռուսական զօրքերու հրամանատարի տեղակալ, բանակի զօրավար Սերգէյ Սուրովիքինը։

Աղբիւրներու խօսքով՝ զօրավարը կալանքի տակ է Մոսկուայի մէջ, բայց ոչ քննչական մեկուսարանին մէջ, ապստամբութեան մասով բազմիցս հարցաքննուած է։

Լրատուամիջոցի զրուցակիցներէն մէկն ըսած է, որ Սուրովիքինը գիտէր ապստամբութեան ծրագրերու մասին, սակայն չէ մասնակցած ատոր։ Սուրովիքինին մեղադրանք չէ առաջադրուած։

Աղբիւրները նշած են, որ զօրավարը թերեւս ազատ արձակուի, հազիւ որ նախագահ Փութինը որոշէ, թէ ինչպէս արձագանգել ապստամբութեան հետեւանքներուն: 

Ինչպէս գրած է The Wall Street Journal-ը, Փրիկոժինի ապստամբութենէն ետք, մասնաւորապէս, բերման ենթարկուած են նաեւ Սուրովիքինի տեղակալ, զօրավար-գնդապետ Անտրէյ Եուտինը եւ ռազմական հետախուզութեան պետի տեղակալ զօրավար-լեյտենանտ Վլատիմիր Ալեքսէեւը։

Յետոյ զինուորականներն ազատ արձակուած են, սակայն անոնց տեղաշարժը սահմանափակուած է, անոնք հսկողութեան տակ են։ Եուտինը եւ Ալեքսէեւը հեռացուած են աշխատանքէ։ Միւս ձերբակալուածներու շարքին են զօրավար-գնդապետ Միխայիլ Միզինցեւը, որ նախապէս զբաղցուցած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան փոխնախարարի պաշտօնը, ղեկավարած է Մարիուփոլի գրոհը լայնամաշտապ պատերազմի սկիզբը ու 2023 թուականի ապրիլէն աշխատած է «Վակներ»ի հետ:

Քրեմլն ու Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը չեն պատասխանած WSJ-ի լրագրողներու՝ այս թեմայով մեկնաբանութիւն տալու խնդրանքին։