image

Տոնեցքի բնակչութիւնը կը տարհանուի Ռուսաստան

Տոնեցքի բնակչութիւնը կը տարհանուի Ռուսաստան

Տոնեցքի ինքնահռչակ հանրապետութեան ղեկավար Տենիս Փուշիլինը հանդէս եկած է տեսաուղերձով, յայտնելով, որ կը կազմակերպուի բնակչութեան զանգուածային, կեդրոնացուած տարհանում դէպի Ռուսաստան: Առաջին հերթին կը տարհանուին կանայք, երեխաները եւ մեծահասակները:

Ան ըսած է, որ Ռուսաստանի հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններով Ռոսթովի մարզին մէջ պատրաստի տեղեր կան տարհանուած մարդիկը տեղաւորելու համար: