image
Հրատապ լուրեր:

Ծովային սահմանագծումի խնդրին լուծում բերելու միտուած բանակցութիւնները կը շարունակուին

Ծովային  սահմանագծումի   խնդրին  լուծում բերելու միտուած  բանակցութիւնները կը շարունակուին

Պէյրութի «Ազդակ»էն կը կարդանք՝  Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի թղթածրարին թնճուկները կը շարունակեն մնալ անքակտելի, նկատի ունենալով Իսրայէլի մերժումը` ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնի պատրաստած համաձայնագիրին մասին Լիբանանի կատարած դիտողութիւններուն:

Բայց եւ այնպէս ամերիկեան վարչակազմին կողմէ այդ թնճուկները լուծելու ճիգերը կը շարունակուին:

Այս մասին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ իսրայէլեան մերժումին մասին յուշող լրատուական յայտարարութիւններով չի տարուիր, այլ` կը սպասէ Հոքշթայնի հաղորդելիք տեղեկութիւններուն:

Պըրրի նկատել տուաւ, որ Լիբանանի կատարած դիտողութիւնները փոքր մատնանշումներ են, որոնք Հոքշթայնի հետ քննարկուած են, նախքան` պաշտօնապէս ու գրաւոր կերպով անոր յղումը: «Հետեւաբար ներկայիս պատահածը իսրայէլեան ներքին ընտրական տարակարծութիւններ են եւ պայքարի եղանակներ, որոնք զիրենք չեն հետաքրքրեր», յայտնեց ան:

Պըրրի ըսաւ, որ Լիբանան Հոքշթայնէն պաշտօնական պատասխանի կը սպասէ, որպէսզի ըստ այնմ որոշում կայացնէ:

Այս շրջագիծին մէջ կը նախատեսուի, որ  Հոքշթայն ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապին յանձնէ համաձայնագիրին մասին Իսրայէլի դիտողութիւնները:

Ամերիկացի պատասխանատու մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, թէ Լիբանան եւ Իսրայէլ մուտք գործած են ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութեանց վճռորոշ փուլ մը` աւելցնելով, որ Ուաշինկթըն յանձնառու կը մնայ որոշ լուծման յանգելու եւ կը հաւատայ, որ մնայուն համաձայնութեան հաստատումը կարելի է:

«Իսրայէլ հայոմ» օրաթերթին համաձայն, իսրայէլեան իշխանութիւնները կը պատրաստուին մօտիկ ապագային, հաւանաբար յառաջիկայ շաբաթասկիզբին` Քարիշի հարթակէն կազ մղելու փորձ մը կատարելու: