Ազգային ժողովն արտահերթ նիստին առաջին ընթերցմամբ ընդունած է «Զինծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին նախագիծը։
Պատգամաւորներէն 63–ը կողմ քուէարկած են, դէմ` ոչ ոք, ձեռնպահ` 25–ը։
Նշենք, որ նախագիծի հեղինակը «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Հայկ Սարգսեանն է, որ առաջարկած է 27 տարին լրացած ու պարտադիր զինծառայութիւն չանցած զինծառայողներուն հնարաւորութիւն տալ անցնելու պարտադիր զինծառայութիւն` խուսափելով քրէական հետապնդումէ հետեւեալ կարգաւորումներէն մէկն ընտրելով`
1.երկու տարի ուղղակի ծառայելով,
2.մէկ տարի ծառայելով ու 2.5 մլն դրամ մուծելով ՀՀ պետական պիւտճէ,
3.վեց ամիս ծառայելով եւ պետական պիւտճէ վճարելով 5 մլն դրամ,
4.մէկ ամիս ծառայելով` վճարելով 10 մլն դրամ,
5.չծառայելով ու վճարելով 15 մլն դրամ։
Այսպիսով, ըստ անոր, 10 միլիառ դրամ մուտք կ՚ըլլայ պետական պիւտճէ, ու 5000–է աւելի անձ պարտադիր զինծառայութիւն կ՚անցնի։
Սարգսեանի խօսքով` այս պահուն հետախուզման մէջ կը գտնուի աւելի քան 10 հազար քաղաքացի, որոնք չեն ծառայած։
«Ես չեմ ցանկանում, որ նորից համաներում անենք այս մարդկանց պատասխանատւութիւնից ազատելու համար։ Միաժամանակ չեմ ուզում, որ ծառայութիւնից խուսափած քաղաքացին ուղղակի դատապարտուի. եթէ անձին դատապարտում ենք, ապա պետութիւնը իւրաքանչիւր դատապարտեալի համար տարեկան մօտ 5 մլն դրամ է ծախսում»,– յայտարարած է ան։
Յիշեցնենք, որ օրէնքի նախկին կարգաւորմամբ` 27 տարին լրանալէ ետք պարտադիր զինուորական ծառայութիւն չանցած քաղաքացին չի կրնար զօրակոչուիլ պարտադիր զինուորական ծառայութեան, քանի որ անոր տարիքը կը գերազանցէ պարտադիր զինուորական ծառայութեան սահմանային տարիքը: 27 տարին լրանալէ ետք ներկայանալու պարագային քաղաքացիի համար կը գործէ մէկ տարբերակ՝ պատժուիլ ազատազրկմամբ: