Երէկ մահուան ելքով վթար տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ։ Ժամը 22։00-ի մօտերը անյայտ մակնիշի եւ համարանիշի մեքենայի վարորդը Տիգրան Մեծ պողոտայի վրայ վրաերթի ենթարկած է հետիոտնը, կը տեղեկացնէ Shamshyan.com–ը։
Փաստի առթիւ քննչական բաժնէն ներս ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 242 յօդուածի 2-րդ մասի եւ 244 յօդուածի 1-ին մասի յատկանիշներով յարուցուած է քրէական գործ։