Զուիցերիոյ Առաջնորդարանի դիւանէն վերահասու կը դառնանք, որ կիրակի օր մեծ ոգեւորութեամբ նշուած է Ծաղկազարդի տօնը։
Ստորեւ կը ներկայացնենք «Արեւելք»ին ուղարկուած լրատւութիւնը։
Մեծ խանդավառութեամբ տօնախմբուեցաւ Ծաղկազարդի տօնը, Կիրակի 24 Մարտ 2024-ին, Ժնեւի Սուրբ Յակոբ Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, բազմաթիւ հաւատացեալներու եւ մանուկներու մասնակցութեամբ։ Դռնբացէքի խորհրդաւոր արարողութենէն յետոյ Գերապատիւ Զուիցերիոյ թեմի Առաջնորդական Տեղապահ՝ Տ. Գուսան Ծայրագոյն Վարդապետ Ալճանեան Հայր սուրբը կատարեց Մանուկներու Օրհնութեան Կարգը եւ ապա Պահպանիչ աղօթքով օրհնեց զանոնք, բաշխելով անոնց օրհնուած ձիթենիի ճիւղեր։