Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ թելադրական խօսք ունենալու կոչուած ընդդիմադիր գործիչներ առաջին անգամը չէ, որ անլուրջ մօտեցումներով կը փորձեն հանդէս գալ, մտածելով, որ իրենց արարքները պիտի շահին հանրութեան ուշադրութիւնը: Ուշադրութիւն գրաւելու փորձերէն բացի, անոնք հանդէս կ'ուգան մեղմ ասած անիրական յայտարարութիւններով եւ անկիրառելի առաջարկներով` հանրութիւնը հերթական անգամ տանելով փակուղի: Հոգեբանական ֆոնի վրայ եղած այդ շեշտադրումներուն վերջինը «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան առաջնորդ Ռաֆֆի Յովհաննիսեանի փորձած արարքն է, երբ ան բախումներու հասնող լարուած մթնոլորտի մը ընթացքին կը փորձէր ծաղիկներ զետեղել Մէլիք Ադամեան փողոցին վրայ գտնուող «Հանրապետական» կուսակցութեան կեդրոնատեղիին դիմաց: Ըստ Յովհաննիսեանի, այդ ծաղիկները «Հանրապետական»ի մահը յուշող ծաղիկներ են: Այսպէս հանրային լարում ստեղծելով` Յովհաննիսեան «սպասուած փրկիչ»ի իր դերով կը փորձէ հաւաքագրել ընդդիմադիր շարքերու ամէնէն լայն հատուածները: Ինչ խօսք, որ այս պարանաձգութեան հիմքը ոչ թէ սահամանադրական բարեփոխումներու տապալումն է, այլ յառաջիկայ Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութեանց պատրաստութիւնը: Առնուազն Պրն. Յովհաննիսեան քաջ գիտէ, որ իշխող կուսակցութեան մահը ծանուցելով չէ, որ պիտի յաջողի իշխանափոխութիւն կատարել: Աւելին, գիտէ նաեւ, որ այդ գործընթացը շատ հեռու է ճշմարտութիւն մը դառնալէ: Երեւելին այն է, որ Յովհաննիսեան այս ոճով կը փորձէ սպառել երկրին մէջ առողջ ընդդիմադիր ուժ մը ստեղծելու բոլոր հեռանակարները: Աղօթելու, ծաղիկ դնելու, ծաղկեպսակներ տանելու եւ գունաթափած բառերով ելոյթ ունենալու այս ձեւաչափերը կը մատնեն սպառած ըլլալու կարեւոր վարկածներու մասին: Իսկ այդ սպառածութիւնը բնական է, որ երեւելի պիտի չդառնայ յառաջիկայ Կիրակի (6 Դեկտեմբեր) օր տեղի ունենալիք հանրաքուէն ետք, այլ միայն 2017-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու աւարտին: Գաղտնիք չէ, որ երկրի մը կայացման համար հիմնարար, անհրաժեշտ եւ գործընացներ սկսող ամէնէն առաջնային ուժը ընդդիմադիր առողջ քաղաքական ուժն է, որ այսօր կը բացակայի Հայաստանի մէջ: Հեռանկարային, ճշմարիտ եւ գործադրուելիքի չափ լսելի դառնալիք խօսքն է միայն, որ արժէք կրնայ ունենալ: Այլապէս բոլոր եղածները ժամավաճառութեան մը մասին կը խօսին եւ կը զօրացնեն այն իշխանութիւններուն ուժն ու ներկայութիւնը, որ ըստ Յովհաննիսեանի ու իր նման գործողներուն կոչուած են տապալել Հայաստանի Անկախ Հանրապետութիւնը: