image
Հրատապ լուրեր:

Տիարպէքիրի Մէջ Աքթիւիսթներ Կը Բողոքեն Ընդդէմ Մարգարէն Անուանարկող Տեսաֆիլմերու

Տիարպէքիրի Մէջ Աքթիւիսթներ Կը Բողոքեն Ընդդէմ Մարգարէն Անուանարկող       Տեսաֆիլմերու

Թուրքիա-(«Տէյլի Սապահ»-Պոլիս) կը տեղեկացնէ, թէ Տիարպէքիրի  նահանգին մէջ, խումբ մը աքթիւիստներ բողոքի ցոյց մը կազմակերպած են  ընդդէմ Մոհամմէտ մարգարէն ներկայացնող մուլտֆիլմի մը, որուն գովազդը  նահանգի  Եէնիշրէհիր թաղամասի քաղաքապետարանին կողմէ վահանակներու վրայ տեղադրուած էր:

Զանազան ոչ պետական կազմակերպութիւններու պատկանող դրօշակներ կրող ցուցարարներ, կարգախօսներով դատապարտեցին պատկերը եւ պատասխանատու պաշտօնեաներէն հրաժարական պահանջեցին:

Տիարպէքիրի հարաւային նահանգի Եէնիշէհիր քաղաքապետարանը, զորս կը վարէ  HDP ժողովրդավար կուսակցութեան որդեգրած՝ մարզային DMP  «Ժողովրդավար մարզեր» կուսակցութիւնը, անցեալ շաբաթ հանրութեան զայրոյթը շարժեց վահանակներու վրայ Մոհամէտ Մարգարէն  պատկերող նկարներով:

Նկարները մանուկ հարսերու ընդդէմ եղած բողոքէն բաժին մըն էին,  իրենց ծնողներու ստիպողութեան տակ կնութեան տրուող շատ փոքր տարիքի աղջիկներ, կցուած ընթերցման վերնագիրով մը «Չկան մանուկ հարսեր, միայն բռնաբարող այրեր», պաստառները, մուլտֆիլմի ընթացքին ցուցադրուած էին, իբր գծագրուած Դանիացի մուլտֆիլմի մասնագէտի մը կողմէ, կը պատկերէր մօրուքաւոր մարդ մը, որ մերկ աղջիկ մը կը քաշէր: Բնօրինակին վերնագիրը մօրուքաւոր մարդուն խօսքով «կը սիրեմ քեզ Աիշէ» Մոհամէտը պատկերող մուլտֆիլմերէն մէկն էր, որ պոռթկում բարձրացուց մարգարէն վիրաւորելու համար: Քաղաքապետարանի կողմէ կախուած պաստառներուն վրայ կը բացակայէր վերնագիրը: Հանրութեան պոռթկումէն ետք նկարները վերցուեցան:

Ցուցարարներու անունով խօսող աքթիւիստ մը ըսաւ, թէ իրենք չեն կրնար ընդունիլ Մարգարէին հանդէպ ուղղուած որեւէ անարգանք եւ հաշիւ կը պահաջեն վահանակներու պատասխանատուներէն «Մենք կոչ կ'ուղղենք քաղաքային պաշտօնեաներուն, հանրային ներողութիւն խնդրել եւ հրաժարիլ իրենց պաշտօններէն» ըսաւ աքթիւիստը:

Դէպքը պոռթկում ստեղծեց     համացանցի ընկերային շրջանակներուն (social media) մէջ, կարգ մը մարդիկ մեղադրեցին քաղաքապետարանի սադրանքը: Թուիթըր գործածող մը պնդեց, թէ մուլտֆիլմերը կը ծառայեն ահաբեկչական նպատակներու, մինչ ուրիշ մը յայտնեց, թէ նոյնիսկ ամենավատ իսլամաֆոպիայի օրինազանցները, նման գործողութիւն չեն կատարած: Անցեալ շաբաթ, կախուած պաստառները վերցուեցան, երբ անոնց նկարերը սկսան շրջիլ համացանցի վրայ: Քաղաքապետարանը ներողութիւն խնդրեց եւ պնդեց, թէ իրենք կուկլէն պարզապէս պատահական նկար մը վերցուցած էին «Մենք երբեք մտադրութիւն չունինք վիրաւորել մարդիկը, ինչպէս կարգ մը տեղետուական հաստատութիւններու տեղեկագրերը կ'ըսեն» ըսաւ քաղաքապետարանի կայքէջին վրայ երեւցող հաստատումը:

HDP ժողովրդավարական կուսակցութիւնը, որ ամբաստանուած է կապեր ունենալ PKK ահաբեկչական կազմակերպութեան հետ, կ'ըսէ թէ կ'ընդգրկէ կրօնի եւ ազգութեան իր քաղաքական մանիֆէսթը Թուրքիոյ մէջ, հակառակ որ գլխաւորապէս կը հետապնդէ քրտամէտ գիծը: Անցեալին, HDP-ն խայտառակութեան կայծեր տարածած էր Թուրքիոյ իսլամական համայնքի բաժիններուն միջեւ, որովհետեւ անոր առաջնորդները կը սպառնային գրաւել  կրօնական հարցերու ներկայացուցչութիւնը, որ կը համարուի երկրի բարձրագոյն իսլամական հեղինակութիւնը: