Թուրքիոյ ընդդիմադիր դաշինքը, որ բաղկացած է վեց կուսակցութիւններէ, դեռ չէ կարողացած համաձայնութեան գալ առաջիկայ նախագահական ընտրութիւններու միասնական թեկնածուի շուրջ, գրած է Reuters-ը։ Դաշինքի Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան խօսնակ Ունալ Չեւիկոզն ըսած է, որ համապատասխան ներկայացուցիչը դաշինքի կողմէն կ'ընտրուի փետրուարին:
«Նախագահի թեկնածուի անունը [ընդդիմութեան վեց կուսակցութիւններու դաշինքէն] հաւանաբար կը յայտարարուի փետրուարին»,- նշած է կուսակցութեան ներկայացուցիչը։
Ինչպէս կը նշուի, ներկայիս ընդդիմադիր կուսակցութիւններու դաշինքը դեռ կ'աշխատի ներքին համաձայնութեան վրայ։ Reuters-ի հաղորդմամբ՝ վեց քաղաքական ուժեր կը ձգտին ստեղծել միասնական հարթակ՝ գալիք ընտրութիւններուն Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանին մարտահրաւէր նետելու համար։