image

Թուրքիոյ տնտեսութիւնը փլուզման եզրին է. Աճէմօղլու

Թուրքիոյ տնտեսութիւնը փլուզման եզրին է. Աճէմօղլու

Աշխարհահռչակ տնտեսագէտներէն, Մասաչուսեթսի արհեստագիտական համալասրանի փրոֆեսոր, պոլսահայ Տարօն Աճէմօղլուն խօսած է Թուրքիոյ տնտեսութեան ճգնաժամի մասին։

Թրքական Cumhuriyet–ի հետ զրոյցին, Տարօն Աճէմօղլուն նշած է, որ Թուրքիոյ մէջ կը փորձեն «նուազագոյն աշխատավարձով» ու գնաճի նուազեցումով տնտեսութիւնը կայունացնել, սակայն այդ հնարաւոր չէ։

«Թուրքիոյ մէջ արդիւնաբերական հիմնարկները, կառոյցներն ու կրթական համակարգը աշխատունակ չեն։ Ընկերութիւնները բաւարարար քանակի արտադրանք չեն տար, արդիւնաւէտ չեն աշխատիր, քանի որ համապատասխան ներդրումներ չեն կատարուիր արհեստագիտութիւններու մէջ։ Այս ծիրէն ներս նուազագոյն  աշխատավարձ բարձրացնելը տնտեսութեան կարգաւորման լուծում չէ»,–ըսած է Աճէմօղլուն։

Ըստ անոր, Թուրքիոյ տնտեսութեան նախարարի ղեկավարած կառոյցը դեռ յոյս չի ներշնչեր։ «Գնաճը այսքան բարձրանալէ ետք իջեցնելը շատ դժուար կ՚ըլլայ։ Սակայն գնաճը իջեցնելով ալ Թուրքիոյ տնտեսութիւնը չի կարգաւորուիր։ Թուրքիան շատ խորքային խնդիրներ ունի։

Թուրքիան արհեստագիտութիւնները ճիշդ չօգտագործեր, ետ կը մնայ ներդրումներու մէջ, չունի որակաւորուած մասնագէտներ։

Քաղաքական պատճառներով ազատութիւնները սահմանափակուած փայլուն երիտասարդները Թուրքիայէն կը հեռանան։ Եթէ քիչ երթան, խնդիր չկայ, սակայն այսչափ մեծ թիւի պարագային այն ճանապարհ կը բանայ դէպի փլուզում, եւ Թուրքիան ատոր եզրին է»,–ըսած է հայազգի տնտեսագէտը։