Շաբաթ, 25 փետրուարին, 5,3 ուժգնութեամբ երկրաշարժը ցնցած է Թուրքիոյ Նիղտէ կեդրոնական նահանգը, հաղորդած է Anadolu-ն։
Երկրաշարժի օճախի խորութիւնը կազմած է 7 քմ.։ Այն տեղի ունեցած է Պորի շրջանի մէջ տեղական ժամանակով 13:27-ին, յայտնած է բնական աղէտներու դէմ պայքարի թրքական AFAD գործակալութիւնը:
Զոհերու մասին տեղեկութիւններ դեռ չեն ստացուած։
Ցնցումները տեղի ունեցած են այն ժամանակ, երբ Թուրքիան կը պայքարի 6 փետրուարին երկրի հարաւային շրջանը տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժերու հետեւանքներուն դէմ