image

Թուրքիոյ առընթեր կարեւոր փոփոխութիւն

Թուրքիոյ առընթեր կարեւոր փոփոխութիւն

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կարեւոր համարած է այն, որ այս տարի ե՛ւ հեռախօսազրոյց, ե՛ւ հանդիպում ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հետ։ Ան այդ մասին յայտարարած է Ազգային ժողովէն ներս 2023 թուականի պետական պիւտճէի նախագծի քննարկման ժամանակ։

«Սա չափազանց կարեւոր է։ Եթէ դուք հարցնէք` իրադրութեան որեւէ փոփոխութիւն ունենք, թէ ոչ, ես կարծում եմ, որ ունենք իրադրութեան մի շատ կարեւոր փոփոխութիւն , որն ինքնին խորը, գործնական եւ առարկայական արդիւնք չէ, բայց ես, վերլուծելով իրավիճակը, հասկացայ, որ օգոստոս-հոկտեմբեր ամիսներին Թուրքիայի հետ յարաբերութիւններում ունեցած կոմունիկացիոն (հաղորդակցային) բարդոյթներն ու բարդութիւնները յաղթահարուած են»,-ըսած է Փաշինեան։

Անոր խօսքով՝ այդ կրնայ թոյլ եւ ոչ էական բան թուիլ, բայց նախապէս եղած է հարց` հանդիպի՞լ, թէ՞ չհանդիպիլ, խօսի՞լ, թէ՞ չխօսիլ։ Ըստ Փաշինեանի՝ այսօր այդ բարդութիւնը վերացած է ոչ միայն կառավարութեան մակարդակով, այլեւ հանրութեան։

Փաշինեան ընդգծած է, որ խաղաղութեան օրակարգի իրագործման աշխատանքները պիտի շարունակուին։