Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան յայտնած է, թէ յոյսով է, որ Թուրքիոյ մէջ հնարաւոր պիտի ըլլայ կազմակերպել Վլատիմիր Փութինի եւ Վլատիմիր Զելենսքիի հանդիպումը:
«Երկու կողմերն ալ կ'ըսեն, որ կողմ են բանակցութիւնները Սթամպուլի մէջ շարունակելուն: Ես պարբերաբար հեռախօսով կը խօսիմ Զելենսքիի եւ Փութինի հետ: Ուղիղ եւ անկեղծօրէն կը յայտնեմ իմ եզրակացութիւնները, գնահատականներն ու ակնկալիքները:
Ես անոնց կ'ըսեմ, որ այս պատերազմին մէջ յաղթող պիտի չըլլայ, որ մենք բոլորս եւ ամբողջ մարդկութիւնը պիտի պարտուինք: Ես ամէն առիթով ցանկութիւն կը յայտնեմ երկու առաջնորդներու հանդիպումը Թուրքիոյ մէջ կազմակերպելու հարցով: Մենք պիտի շարունակենք մեր աշխատանքը», ըսած է Էրտողան: