image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիան ողջունած է Միրզոյեանի տալիք այցը

Թուրքիան ողջունած է  Միրզոյեանի  տալիք այցը

Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակ Թանժու Պիլկիճ յայտնած է, թէ կ'ողջունեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի` Անթալիոյ դիւանագիտական համաժողովին մասնակցելու որոշումը:

«Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակին յայտարարութիւնը այն մասին, որ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը 2022 թուականի Մարտ 11-13-ին պիտի մասնակցի Անթալիոյ դիւանագիտական համաժողովին, գոհունակութեամբ ընդունած ենք: Նման փոխադարձ քայլերը կը նպաստեն երկու երկիրի միջեւ երկխօսութեան աճին եւ ամբողջական կարգաւորման, վստահութեան ամրապնդմանն ուղղուած աշխատանքին», ըսած է ան: