Թուրքիան յոյյս ունի, որ Շուէտը կը մտնէ ՆԱԹՕ, սակայն անորմէ կ'ակնկալէ յստակ քայլեր՝ Հիւսիսաթլանթեան դաշինքին անդամակցելու Մատրիտեան յուշագիրը կեանքի կոչելու համար։ Այս մասին երեքշաբթի յայտարարած է Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան Շուէտի վարչապետ Ուլֆ Քրիսթերսընի հետ Անգարայի մէջ կայացած բանակցութիւններէն ետք։
«Մենք անկեղծօրէն յոյսով ենք, որ Շուէտը կը կատարէ ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու յուշագիրը, որ ստորագրած են երեք երկիրները՝ Թուրքիան, Ֆինլանտան եւ Շուէտը: Մենք Շուէտէն կ'ակնկալենք յստակ քայլեր, որոնք կը համապատասխանեն մեր յարաբերութիւններուն մէջ դաշնակցային ոգիին»,-ըսած է ան։