Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան յայտարարած է, որ իր երկիրն «Իսրայէլին ոչինչ պարտք է», ուստի ինք կրնայ «ազատօրէն արտայայտել» Կազայի հակամարտութեան վերաբերեալ իր երկրի դիրքորոշումը։
Ինչպէս գրած է ՌԻԱ Նովոսթի, այս մասին Թուրքիոյ առաջնորդն ըսած է Պերլինի մէջ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի հետ համատեղ ասուլիսին:
«Ես ազատօրէն կը խօսիմ, մենք Իսրայէլին ոչինչ պարտք ենք։ Եթէ պարտք ըլլայինք, չէինք կրնար այդքան ազատ խօսիլ։ Սակայն անոնք, որոնք պարտք են, չեն կրնար ազատ խօսիլ։ Ես այն առաջնորդ եմ, որ վարչապետի պաշտօնը զբաղեցնելու ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով հակասեմական դիրքորոշմամբ հանդէս եկած է: Աշխարհի մէջ որեւէ մէկ վարչապետ երբեք նման բան չէ ըրած: Ես այդ ըրի»,- ըսած է Էրտողան:
Ան նաեւ աւելցուցած է, որ անհրաժեշտ է քննարկել կարեւոր հարց մը, եւ այն է, թէ ինչպէս պէտք է լուծուի խնդիրը Կազայի մէջ։