image

Թուրքիան դէմ է, որ Կազայի պաղեստինցիք Եգիպտոս գաղթեն

Թուրքիան դէմ է, որ Կազայի պաղեստինցիք Եգիպտոս գաղթեն

Շարք մը պետութիւններ կը փորձեն Իսրայէլի յարձակումները Կազայի հատուածի խաղաղ բնակիչներուն վրայ ներկայացնել որպէս արդարացուած միջամտութիւն, Անգարան դէմ է պաղեստինցիներու տեղահանման:

Յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան։

«Պէտք է կանխել քաղաքացիական զոհերը: Մենք նկատած  ենք, որ որոշ պետութիւններ կը փորձեն ներկայացնել Իսրայէլի բռնաճնշումները Կազայի վրայ որպէս արդարացուած միջամտութիւն:

Նման խեղաթիւրուած եւ անմարդկային մօտեցումը միայն կը յանգեցնէ աւելի մեծ բռնութիւններու եւ անմեղ մարդոց մահուան: Մենք Իսրայէլին կոչ կ'ընենք յարգելու միջազգային իրաւունքը: Մենք լիովին դէմ ենք պաղեստինցիներու տեղահանման: Մենք երբեք հաւանութեան չենք արժանացներ պաղեստինցիներու՝ Եգիպտոս տեղահանելու քաղաքականութիւնը»,- ըսած է Ֆիտան Գահիրէի մէջ իր եգիպտացի գործընկերոջ հետ մամուլի ասուլիսի ժամանակ:

Անոր խօսքով, անհրաժեշտ է կանխել հակամարտութեան աշխարհագրական տարածումը, Անգարան մշտական կապի մէջ է տարածաշրջանի երկիրներուն հետ.

«Պէտք է սկսիլ երկու պետութիւններու ստեղծման գործընթացը: Մերձաւոր Արեւելքի մէջ խաղաղութիւն կրնայ հաստատուիլ միայն պաղեստինցիներու, այլ ոչ թէ տարածաշրջանային այլընտրանքներու հետ:

Անվտանգութիւնը չի կրնար հաստատուիլ առանց խաղաղութեան: Որպէս իսլամ երկիրներ, մենք պէտք է ստեղծենք մեքենականութիւն, որ կը պաշտպանէ պաղեստինցիներու գոյատեւումը եւ կը դառնայ արդար եւ տեւական խաղաղութեան երաշխաւոր»,- ըսած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարը։