Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն տարածած է Իսրայէլի կողմէ Իրանի դէմ իրականացուած յարձակման վերաբերեալ:
Այս մասին յայտնած է ermenihaber.am-ը:
Հաղորդագրութեան մէջ թրքական կողմը խստօրէն դատապարտած է տեղի ունեցածը:
«Միջազգային հանրութեան կոչ կ՚ընենք օրէնքի կիրառման եւ Նաթանիահուի կառավարութիւնը կանգնեցնելու համար հնարաւորինս շուտ գործի անցնելու։
Մերձաւոր Արեւելքի մէջ խաղաղութեան վերահաստատման համար պարտադիր է տարածաշրջանի երկիրներու եւ արտատարածաշրջանային դերակատարներու կողմէ խելամիտ եւ ողջախոհ դիրքորոշման որդեգրումը»,-նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։