image

Թուրքիան չի կրնար արգիլել ռուսական ռազամանաւերու Պոսֆորով անցքը. Չավուշօղլու

Թուրքիան չի կրնար արգիլել ռուսական ռազամանաւերու Պոսֆորով անցքը. Չավուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չավուշօղլուն խօսած է Պոսֆորի եւ Տարտանելի նեղուցները ռուսական ռազմանաւերուն համար փակելու Ուքրանիոյ պահանջին մասին:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը շեշտած է, որ Թուրքիան լիարժէք կը կիրառէ Պոսֆորի եւ Տարտանելի նեղուցներուն հետ կապուած Մոնթրոյի համաձայնագիրը եւ ներկայ իրավիճակին մէջ չի կարող արգիլել ռուսական ռազմանաւերուն անցքը նեղուցներով:

Չավուշօղլուն նշած է, որ Թուրքիան հակամարտութեան կողմ չէ, իսկ նոյնիսկ հակամարտութեան կողմ ըլլալու պարագային ալ պէտք է թոյլ տար ռուսական ռազմանաւերուն վերադառնալ իրենց նաւահանգիստները:

Թուրք նախարարը պնդած է, որ Թուրքիան կ'աջակցի Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման եւ ջանքեր կը գործադրէ, որպէսզի հակամարտութիւնը վայրկեան առաջ աւարտի: