image

Թուրքիան 3 Ռուսական նաւերու ճանապարհ չէ տուած

Թուրքիան 3 Ռուսական նաւերու ճանապարհ չէ տուած

Թրքական իշխանութիւնները թոյլ չեն տուած ռուսական երեք նաւերու անցնիլ Պոսֆորի եւ Տարտանելի նեղուցներով: Այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Մեւլութ Չավուշօղլուն:

«Թուրքիան պահանջած է Ռուսաստանէն չեղարկել Սեւծովեան նաւատորմի մէջ չմտնող նաւերու` նեղուցներով անցնելու հարցումը», ըսած է դիւանագէտը:

Անոր խօսքով` ռուսական կողմը համաձայնած է այս պահանջին:

Փետրուար 28-ին Չավուշօղլուն յայտարարած էր, որ Անգարան զգուշացուցած է առափնեայ եւ ոչ-առափնեայ բոլոր երկիրներուն, որ թոյլ պիտի չտայ ռազմանաւերուն անցնիլ Պոսֆորի եւ Տարտանելի նեղուցներով` Ուքրանիոյ մէջ Ռուսաստանի կողմէ իրականացուող յատուկ գործողութեան պատճառով: Թուրքիան հաւատարիմ է Մոնթրիոյի ուխտին, ըստ որու` ոչ-սեւծովեան երկիրներու ռազմանաւերը Սեւ ծովին մէջ կրնան մնալ երեք շաբաթէն ոչ աւելի: Արտակարգ իրավիճակներում մէջ Թուրքիան, եթէ զինուած հակամարտութեան կողմ չի հանդիսանար, իրաւունք ունի արգիլելու կամ սահմանափակելու անցումը Պոսֆորի եւ Տարտանելի նեղուցներով: