Թուրքիան յայտարարած է Միջերկրական ծովուն մէջ «Doğu Akdeniz-2021 Davet Tatbikatı» ռազմածովային զօրավարժութիւններուն մեկնարկին մասին, որուն կը մասնակցին 10 երկիրներու 35 նաւեր եւ 5000 անձնակազմ։
Ճեպազրոյցի ժամանակ փոխգնդապետ Ճունէյթ Թալայման ըսած է, որ զօրավարժութիւններու հիմնական նպատակը Թուրքիոյ ռազմածովային ուժերու մարտունակութեան, ինչպէս նաեւ պարեկային ինքնաթիռներու, ուղղաթիռներու եւ անօդաչու թռչող սարքերու վերահսկումն է։
Ան նշած է, որ զօրավարժութիւններուն կը մասնակցին նաեւ Ատրպէյճանի ռազմածովային ուժերու զինուորները։ Ճեպազրոյցին մասնակցած են ռազմածովային ուժերու գլխաւոր հրամանատար, ծովակալ Էրճիւմենթ Թաթլիօղլուն, զօրավարժութիւններուն մասնակցող երկիրներու դիտորդներ, նաւերու հրամանատարներ եւ զինուորականներ։