Հնդկաստանի հետ Փաքիստանի յարաբերութիւններուն մէջ վերջին օրերուն զարգացող լարուածութեան աճի լոյսին տակ Թուրքիոյ ռազմաօդային ուժերու ռազմական փոխադրային օդանաւեր նկատուած են Փաքիստանի տարածքին մէջ։ Այս մասին վկայած են Flightradar ծառայութեան տուեալները։
Փաքիստանեան աղբիւրներու հաղորդմամբ՝ թրքական 6 հատ C-130 օդանաւեր արդէն վայրէջք կատարած են Իսլամապատի ռազմակայան։
Չհաստատուած տեղեկութիւներու համաձայն՝ Փաքիստան մատակարարուած են KARAOK հակաթանկային հրթիռային համակարգեր եւ Bayraktar TB2 անօդաչու թռչող սարքերու համար նախատեսուած տարբեր զինամթերք (MAM-L, MAM-C, KEMANKEŞ):
Յիշեցնենք, որ վերջն օրերուն Հնդկաստանի եւ Փաքիստանի միջեւ յարաբերութիւնները սրուեցան Քաշմիրի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումէն ետք, որ խլեց 26 մարդու կեանք։ Ապրիլ 22-ին, ըստ որոշ տեղեկութիւններու, զինուած զինեալներու խումբ մը կրակ բացած է զբօսաշրջիկներու վրայ։
Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտին խոստացած է պատժել ահաբեկչական յարձակման կազմակերպիչները։