Ատրպէյճանի զինուած ուժերու միացեալ զօրախումբի խումբ մը զինծառայողներ պիտի մասնակցին Թուրքիոյ մէջ կայացող զօրավարժութիւններուն։
Ինչպէս յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, զինծառայողները մեկնած են Թուրքիա՝ մասնակցելու «Հէյտար Ալիեւ-2023» համատեղ մարտավարական զօրավարժութիւններուն՝ նուիրուած Հէյտար Ալիեւի 100-ամեակին։
Կարսի մէջ կայանալիք համատեղ մարտավարական զօրավարժութիւններու հիմնական նպատակն է ապահովել մարտական գործողութիւններու ընթացքին զօրքերու համակարգումը, կատարելագործել հրամանատարութիւնը, փորձի փոխանակումը եւ անձնակազմի մասնագիտական բարձրացումը։